2010-12-28 12:50:58

Ոսկրէ Ափունքի Առաքեալական նուիրակը հակառակ էզինւորական միջամտութեան` պէտք չէ աւելցնել ժողովուրդին տառապանքը։


Ոսկրէ Ափունքի առաքելական դեսպանը`գերապայծառ Մատթա ի լուր կարգ մը միջավայրերու կեցուածքին` բռնի ոյժով վառ առնել Լորան Կպակպօն, իր հակառակութիւնը յայտնած է։ Արդարեւ Արեւմտեան Ափրիկէի տնտեսութեան հասարակութեան նախագահները կը սպառնան Կպակպօն նախագահութենէն հեռանցնել զէնքի ոյժով եթէ անիկա շարունակէ կառչած մնալ իշխանութեան։ Առաքելական դեսպանին գնահատումով զինւորական միջամտութիւնը հարցերը պիտի չկարողանայ լուծել եւ ոչ մէկուն օգտակար պիտի ըլլայ, այլ ընդհակառակը, պիտի աճեցնէ ժողովուրդին ցաւերը։
Առաքելական դեսպանը մամուլին հետ ունեցած ելոյթով կրկնած է Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին խօսքը.. ''երկխօսութիւնը միակ ճամբանն է հարցերը լուծելու'' Հարկաւոր է լուծում գտնել։ Ծննդեան պատարագին իր արտասանած քարոզին մէջ Առաքելական դեսպանը ըսաւ թէ Աստուած երկխօսութիւնը գործածեց մարդոց հետ, եւ մարդիկը որ, ստեղծուած են Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն, նոյնը պէտք են կատարել։ Ոսկրէ Ափունքի այրերն ու կիները իրենց կարգին կանչուած են երկխօսութեան դիմել ու չգործածել ոյժն ու բռնութիւնը։
Իր կարգին Ապիճանի առաջնորդը գերապայծառ Գուդուա Ծննունդին օրը հանդիսաւոր կոչ ըրաւ երկու նախագահներուն խաղաղ լուծում գտնելու իրենց տարբեր կեցուածքին։ ''Թող Տէրը մեզի խաղաղութեան շնորհքը պարգեւէ'' բացականչած է Ապիճան մայրաքաղաքի առաջնորդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.